2015-12-18 10:00:00

Յիսնակացի խորհրդածութիւնները Վատիկանի մէջ` երրորդ ու վերջին հանդիպում։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 18 դեկտեմբեր 2015-ին, Առաքելական Պալատի  Ռետեմթորիս Մաթեր անուամբ մատրան մէջ տեղի ունեցաւ Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօնին առ ի պատրաստութիւն` Յիսնակացի շրջանի երրորդ եւ վերջին խորհրդածութեան նիստը զոր ներկայացուց Քահանայապետական Տան Քարոզիչը` Քափուչին միաբանութեան անդամ, Հայր Ռանիերօ Քանթալամեսսան։

2015 տարուայ Յիսնակացի քարոզներու ընդհանուր նիւթ հանդիսացաւ ''Քրիստոս Ժողովուրդներու լոյս'' նիւթը որ հիմնուած է Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի '' Lumen gentium - Ժողովուրդներու Լոյս'' սահմանադրական վաւերաթուղթի վրայ։

Հայր Քանթալամեսսան`այսօրուայ իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց` ''Ժողովուրդներու Լոյս'' վաւերաթուղթի ութերորդ գլխուն մէջ պարունակուած  Սուրբ Կոյս Մարիամի վարդապետութեան վրայ` ''Քրիստոսի եւ Եկեղեցւոյ խորհուրդին մէջ` Անարատ Սուրբ Կոյս Մարիամը'' վերտառութեամբ։

Հայր Քանթալամեսսան այս տարուայ իր խորհրդածութիւններու ընդմէջէն ուզեց բացայայտել Վատիկանեան տիեզերական վաւերաթուղթի մեզի փոխանցելիք պատգամը այսօր` մեր հաւատքի կառուցման գծով։

Իր այսօրուայ երկարաշունչ խորհրդածութեան աւարտին  Հայր Քանթալամեսսան ակնարկեց նաեւ Աստուածամօր` որպէս Մայր եւ Դուստր Աստուծոյ Ողորմութեան ապա խօսքը եզրափակեց բոլոր ներկաներուն մաղթելով` Շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ։








All the contents on this site are copyrighted ©.